2011-01-29 11:31:45

Մարեմեան Միաբանութիւնը Հռչակած Է Շամինատի Տարին` Հիմնադիրը ֆրեր Մարիստ Կոչուած Միաբանութիւնը Անոր Հիմնարկութեան 250-րդ Տարեդարձին Առթիւ։


ֆրեր Մարիստ միաբանութիւնը 22 յունուարէն սկսեալ, կը ոգեկոչէ իր հիմնադրին՝ երանելի Կիոմ-Ժոզէֆ Շամինատի 250 տարեդարձը (1761-1850)։ Յոբելեան տարուան նշանաբանն է. ''Քարոզիչներ նոր աշխարհի մը մէջ''։
ֆրեր Մարիստ միաբանութիւնը կանչուած է խորհրդածելու թէ ի՞նչպէս պէտք է քարոզել Աւետարանը ներկայ դժուար ու բարդ պայմաններուն մէջ։ Ի՞նչ պիտի ըսէր եւ ի՞նչ պիտի ընէր Կիոմ Շամինատ։ Նշենք թէ Կիոմ Շամինատ ծնած է 8 ապրիլ 1761-ին ֆրանսայի Բերիկ քաղաքը։ Դպրեվանք մտնելէ եւ ուսանելէ ետք, քահանայ կը ձեռնադրուի ու մատակարարի եւ դասախօսի պաշտօնը կը ստանձնէ։
1789ին կը սկսի իրականացնել իր մեծ երազը որ է՝ ՜՜սատարել նոր սերունդին դաստիարակութեան, որ հեռացած էր քրիստոնէական հաւատքէն ֆրանսական յեղափոխութեան հետեւանքով՝՝։ 1817ին Պորտօ քաղաքին մէջ կը հիմնէ Մարիամի Ընկերակցութիւնը, որ հետագային ''Մարիանիսդ'' անունով կը կանչուի։
Կը վախճանի 22 յունուար 1850ին։
Երանելի Կիոմ-Ժոզէֆ Շամինատ նկատուած է որպէս կարապետը աշխարհականներու առաքելութեան։ Հայր Շամինատ երանելի հռչակուեցաւ 3 սեպտեմբեր 2000ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետին կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.